2011-12-25 10:56:42

Պենետիկտոս ԺԶ Հրաւիրեց Մարդկութիւնը Մէկդի Դնելու <<Մտային Հպարտութիւնը>> Հանդիպելու Համար Աստուծոյ հետ։


Եթէ կ՛ուզենք հանդիպիլ Աստուծոյ որ յայտնուեցաւ մանուկի նման հարկ է զիջինք մեր <<Մտային Հպարտութենէն>> եւ մեր <<ազատական>> բանականութենէն որ իր սխալ վստահութիւններով - արգելք կը հանդիսանայ ըմբռնելու Աստուծոյ մօտիկութիւնը։ Այսպէս ըսաւ Նորին Սրբութիւնը շաբաթ 24 դեկտեմբերի երեկոյեան Սուրբ Պետրոսի Մայր Տաճարին մէջ Ծննդեան առթիւ գլխաւորած Սուրբ Պատարագի արարողութեան ընթացքին արտասանած քարոցին մէջ հազարաւոր հաւատացեալներու ներկայութեամբ։
Սրբազան Հայրը ապա մատնանշեց թէ այսօր Ծնունդը եղած է մակերեսային երեւոյթ մը` խանութներու ծնունդ մը որոնք իրենց հմայիչ լուսաւորութիւններով կը ծածկեն Աստուծոյ խոնարհութեան խորհուրդը։
Նորին Սրբութիւնը աղօթքը բարձրացուց առ Աստուած որ օգնէ մեզ որպէսզի կարենանք մեր աչքերով նայիլ լուսաւորութիւններէն անդին ու գտնել անոնց ետեւ պահուըտած Բեթղեհէմի ախոռին մէջ նորածին մանուկը` ու վերագտնենք իսակակն ուրախութիւնն ու ճշմարիտ լոյսը։
Նորին Սրբութիւնը ապա յորդորեց հետեւիլ Սուրբ ֆրանչիսկոս Ասիզացիի ծայրայեղ պարզութեան ներքին եւ արտաքին ուղեւորութեան որ կարելիութիւն կ՛ընծայէ մեր սիրտերուն տեսնելու եւ հանդիպելու Աստուծոյ որ <<կը տարբերի մեր նախապաշարումներէն եւ մեր կարծիքներէն>>, այն Աստուածը որ թաքնուած է նորածին մանուկի խոնարհութեան մէջ։

Պենետիկտոս ԺԶ հրաւիրեց ապա հաւատացեալները աղօթելու բոլոր անոնց որոնք ստիպուած են ապրելու Սուրբ Ծնունդը աղքատութեան` տարապանքի եւ գաղթական վիճակի մէջ յոյս յայտնելով որ անոնց եւս հասնի Աստուծոյ ողորմութեան ճառագայթը։

Սուրբ Ծնունդի հանդիսաւոր այս արարողութեան Սրբազան Հօր Հետ համապատարագեցին 30 կարտինալներ եւ 120 վարդապետներ։ Սրբազան արարողութեան աւարտին զանազան երկիրներէն մանուկներ ծաղկեփունջեր զետեղեցին Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ գտնուող Մսուրին առջեւ։








All the contents on this site are copyrighted ©.